2015-01-14 10:54:15

Մատույի Տիրամօր նուիրուած սրբավայրը` ազգային հաշտութեան խորհրդանիշ։


(Ռատիօ Վատիկան) Սրի Լանքա կատարած առաքելութեան ճամբորդութեան ծիրէն ներս, Ֆրանչիսկոս Պապը, 14 յունուարին այցելեց Մատույի Տիրամօր սրբավայրը որ ունի 4 դարերու պատմութիւն։
Անոր ծագումը ի յայտ եկած է երբ՝ 1544 թուին, Ժաֆնա քաղաքի թագաւորը՝ Սանքիլի,
Մաննարի քաղաքին մէջ Փորդուկալցիներու երաշխաւորութեամբ դարձի եկած 600 քրիստոնեաներ ՝ ջարդել տուած է , երկրին մէջ՝ Փորդուկալցիներու ազդեցութիւնը կանխարգիլելու համար։
Ջարդէն փախուստ տուած մի քանի հաւատացեալներ Մատույի մօտակայ շրջանի անտարներուն մէջ կառուցած են աղօթքի փոքրիկ վայր մը ուր զետեղած են նաեւ Տիրամօր արձան մը որ այժմ կը գտնուի Մատույի Տիրամօր նուիրուած սրբավայրին մէջ։
1656ին, Փորթուկալցինելու Կաթողիկէներու դէմ հալածանքի շրջանին, 30 հաւատացեալ ընտանիքներ , փախչելով եւ տեղափոխուելով գիւղէ գիւղ, իրենց հետ փոխադրեցին Մատուի Տիրամօր արձանը՝ մինչեւ 1670 ին , երբ անոնք վերջնականապէս տիրամօր արձանը զետեղեցին Մարութամատու կոչուած գիւղին մէջ ուր՝ այժմ կը գտնուի Տիրամօր սրբավայրը։
Ամբողջ Սէյլոն մարզին մէջ Մատուի տիրամօր արձանին համբաւը կը տարածուի որպէս պաշպտանուհի՝ օձի թոյնէն։
1687, Սուրբ Ժոզէք Վազի օրով Մատուի մէջ կաթողիկէութիւնը կը վերածաղկի եւ քաղաքը կը դառնայ միսիոնարական կեդրոն։
Հոն գտնուող Տիրամօր սրբավայրին շինարարական աշխատանքները սկսան 1872ին եւ Անոր օծման արարողութիւնը կատարուեցաւ 1944ին։
Մատուի Տիրամօր սրբավայրը միշտ եղած է աղօթքի վայր եւ յաճախուած է ոչ միայն կաթողիկէ հաւատացեալներու կողմէ այլեւ այլ կրօններու պատկանող հաւատացեալներու կողմէ։ Ան խորհրդանիշն է երկիրն ազգային հաշտութեան։
1990ին , Սրբավայրը շրջապատող տարածքին վրայ հիւրընկալուած են հազարաւոր գաղթականներ որոնք փախուստ տուած էին ներքին քաղաքացիական պատերազմներէն ։







All the contents on this site are copyrighted ©.